Կորոնավիրուս Հասարակություն 

Թուրքիայում կորոնավիրուսից հայ երիտասարդ է մահացել

analitik.am

«Արեւելք»-ը գրում է.

««Քորոնա» վարակին հետեւանքով   Պոլսոյ  մէջ իր մահկանացուն  կնքած է  համայնքի  երիտասարդ  անդամներէն ՝ Յակոբ  Պալթայեանը։

Այս  մասին  «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Պոլսոյ  իր աղբիւրէն։

Մեր աղբիւրը նաեւ  հաղորդեց, որ  հանգուցեալը   կը տառապէր  այլ բարդութիւններէ  եւ վերջին  օրերուն      ջերմութիւն ունենալէ ետք  փոխադրուած էր հիւանդանոց,   ուր եւ կնքած է իր մահկանացուն։

Երկու  զաւակներու հայր  Յակոբ  Պալթայեան  շրջան մըն ալ տարած է  համայնքային գործունէութիւն ըլլալով  Ենիգիւղի  Սուրբ Աստուածածին  եկեղեցւոյ  թաղային խորհուրդի ատենապետ։

Պալթայեանի   յուղարկաւորութեան եւ թաղման     արարողութիւնները   պիտի կատարուին  շատ  սեղմ շրջանակի մը մէջ, ենթարկուելով  տեղական  իշխանութիւններուն  կողմէ  հաստատուած  կանոններուն։

Պալթայեանի  մահով  Պոլսոյ  մէջ  «Քորոնա»ի  հետեւանքով  մահացածներու հայ հայրենակիցներու   թիւը կը բարձրանայ   5-ի։ Աւելի վաղ  «Արեւելք»  լրատուութիւն կատարած էր եւս երկու   կորուստներու ՝     Աւետիս Ուստաարամօղլու յի եւ Յակոբ Սահակեանի       մահուան  մասին , իսկ երէկ  վերահասու դարձած էինք    Պոլիս ապրող  երկու  (մայր ու դուստր)    հայաստանցի հայրենակիցներու մահուան տխուր  լուրին մասին։

Պոլսահայ  համայնքի  իշխանութիւններ  կը շարունակեն մօտէն հետեւիլ  զարգացումներուն,    եւ կարգ մը թաղամասերու մէջ    վարչական մարմիններ կը շարունակեն օժանդակութիւններ տրամադրել     համայնքի  կարիքաւոր զաւակներուն»։

 

Նույն շարքից