Հասարակություն 

Շանթն այսօր չկա, որբ դարձան նրա զավակները և կինն այրիացավ ...

analitik.am

Շանթ Յակոբեանի երազը կէս մնաց ...

Շանթը իմ սերունդէս է, Պէյրութի պատերազմներու բովով անցանք, քանի անգամ կրակ եւ ռումբ տեսանք, պայքար տարինք, սիրեցինք մեր ծննդավայրը, սիրեցինք Պէյրութը եւ ապրեցանք այդ Պէյրութին համար։

Շանթը եղաւ անոնցմէ, որ մինչեւ իր կեանքի վերջին վայրկեանը հաւատաց Լիբանանին։ Հաւատաց, որ վաղուան օրը աւելի լաւ ու գեղեցիկ օր պիտի ըլլայ. Կեանքի ասպարէզ նետուեցաւ եւ հիմնեց փոքր արհեստանոց մը ... Գտաւ իր կեանքի կէսը, սիրեց, կազմեց ընտանիք ու դարձաւ երկու զաւակներու հայր։

Առաջին անգամ, երբ Շանթի պատկերը տեսայ, մտքէս ըսի տեսած եմ զինք ... տեղը չբերի, ուր, երբ եւ ինչպէս ... ու յետոյ մտածեցի, որ այս ժպիտին ծանօթ եմ...

Ծանօթ եմ պէյրութցիներուս ժպիտին...

Մենք այո ի տարբերութիւն շատ-շատերու ժպտալ գիտենք, իսկ Վահէ Օշականի ըսելով, մենք նաեւ այս փուճ կեանքին վրայ խնդալ ալ գիտենք ... բարձրաձայնք խնդալ ...

Շանթը այսօր չկայ, կէս մնաց իր երազը, կէս մնացին իր գործերը, որբ դարձան իր զաւակները եւ կինը ՝ այրիացաւ ...

Շատ սիրեց Շանթը իր ու իմ ծննդավայրս, իմ փոխարէն, մեր փոխարէն ալ սիրեց ու թերեւս աւելի ալ սիրեց ...

Այսօր Շանթը չկայ, ան միացաւ այն զոհերուն, որոնց արիւնը անգամ մըն ալ պիտի օգնէ Պէյրութին նոր կեանք սկսելու ու նորէն ոտքի կանգնելու ...

Շանթ Յակոբեանը չկայ ... Մնաց անոր ժպիտը, որ միշտ մեր հետ պիտի ըլլայ, մեզի նոր կեանք տալու, մեզի սէր բաշխելու...

Սագօ Արեան

 

 

Նույն շարքից