Հասարակություն 

Հրթիռակոծվել է Հալեպի Սուլեյմանիե թաղամասը: Կան զոհեր և վիրավորներ

analitik.am

kantsasar.com-ը գրում է. «Հալէպի ապահովական վիճակը մինչեւ այս ժամը կը մնայ աղէտալի։ Զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը հրթիռակոծեն Սուլէյմանիէ շրջանը՝ MTN-ի յարակից թաղամասերը։ «Գանձասար»ի աղբիւրին համաձայն, աւելի քան 15 հրթիռներ արձակուած են դէպի Սուլէյմանիէ, Շտապ օգնութեան ծառայողներ վիրաւորները կը փոխադրեն հիւանդանոց։ Հրթիռակոծուած են նաեւ Մոկամպօ,Խէլտիէ, Ազիզիէ, Սեյիտ Ալի, Ճապրիէ, Նոր Գիւղ, Թելէֆոն Հաուաի, Թըպ ալ Արապի շրջանները, հանրային պարտէզի շրջակայքն ու Նէյէլ պողոտան։ Արձանագրուած են բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ։ Հաւատադրժողական ահաբեկչութեան ծառայող բարբարոսներ թիրախ դարձուցած են խաղաղ բնակչութիւնը։ Սուրիական «Ալ Իխպարիէ» հեռուստակայանը կը հաղորդէ, որ Հալէպի պետական համալսարանի եւ Ռազի հիւանդանոցներու տուեալներուն համաձայն, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն Հալէպի խաղաղ բնակչութեան հրթիռակոծման հետեւանքով արձանագրուած է 7 զոհ, 66 վիրաւոր»։

Նույն շարքից