Գլխավոր Հասարակություն 

Իսրայելը որոշել է բռնագրավել հայկական եկեղեցու դաշտերը

analitik.am

Պաղեստինեան տեղեկատուական կեդրոնը կը հաղորդէ, թէ իսրայէլեան իշխանութիւնները որոշած են բռնագրաւեալ Բեթղեհէմի հիւսիս-արեւելքը գտնուող եւ հայկական եկեղեցւոյ պատկանող կանաչապատ դաշտերը, որոնք կ՛իյնան պաղեստինեան Ուալաճա գիւղի սահմաններէն ներս։

Իսրայէլ որոշած է աւելի քան 12 արտավար տարածք ունեցող այդ դաշտերը վերածել հրեաներու յատուկ զբօսավայրի մը։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ անցեալ շաբաթ ընդհարում մը տեղի ունեցած է շրջանի հայերուն եւ դաշտերէն ներս մուտք գործած Իսրայէլի կառավարութեան Բնապահպանութեան եւ զբօսավայրերու բաժանմունքի պաշտօնատարներուն միջեւ։

Աղբյուրը՝ asbarez.com

Նույն շարքից