Երէկ արտակարգ դէպք մը գրանցուած է Դամասկոսի մէջ։
Այս մասին լուրը տրուած է Դամասկոսի մասին տեղեկութիւններ հրատարակող ընկերային ցանցի էջերու վրայ։
Կը նշուի, որ անտէր մնացած նորածին երեխայ մը գտնուած է Դամասկոսի Պապ Շարքի շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Սարգիս Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ դրան կից։
Ըստ տարածուած լուրերուն ապահովական մարմիններ քննութիւն բացած են եղածին վերաբերեալ յայտնաբերելու համար եղած դէպքին մանրամասնութիւնները։
Աղբյուրը՝ arevelk